top of page

Հայ Կերպարուեստը կը Շարունակէ Տարածուիլ եւ Արժեւորուիլ Միջազգայնօրէն

Հովանաւորութեամբ Գոնիաք քաղաքի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահի տնօրէնութեան, “Chateau de Chatenay” ցուցասրահը կազմակերպած էր կերպարուեստի ցուցահանդէս մը “Maitres Distilleurs d’Art” ընդհանուր խորագրին տակ: Բացումը տեղի ունեցաւ 17 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6-ին, ներկայութեամբ Հենեսսիի, Գորպուզիէի, Րէմի Մարթէնի, Մարդինիի եւ նման այլ դղեակներու ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, լրագրողներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու բազմութեան մը ներկայութեան: Ցուցասրահի տնօրէնուհին՝ Շահանէ Յակոբեան, իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց նախ, Գոնիաք քաղաքի քաղաքապետութեան, «Նոազ Արք» ցուցասրահի տնօրէնութեան, ցուցահանդէսին մասնակից ներկայ գեղանկարիչներու Ֆրանսուազ Միւլլերի (Ֆրանսացի) եւ Էրիք Էզընտամի (Գերմանացի) եւ բոլոր ներկաներուն, ապա ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ ցուցահանդէսի բնոյթի եւ հետագայ ծրագիրներու մասին: Ցուցադրութեան դրուած էին տարբեր դպրոցներու պատկանող շուրջ հարիւր ստեղծագործութիւններ, սկսեալ իրապաշտութենէ եւ վիպապաշտութենէ մինչեւ խորանարդապաշտութիւն (cubisme) եւ գերիրապաշտութիւն (surrealisme): Ան տեղեկացուց նաեւ թէ, իբրեւ հիւրանոց գոծող դղեակը պիտի վերածուի արուեստի կեդրոնի, օժանդակութեամբ դղեակի տէրերուն՝ Յակոբեան ընտանիքին:

Լրագրողներու իսկ վկայութեամբ, առաջին անգամն էր որ Շարանթ շրջանի արուեստասէրները ականատես կ'ըլլային իր տարողութեամբ մեծ եւ բարձրորակ նմանօրինակ ցուցահանդէսի մը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հետեւեալ կերպարուեստագէտներու ստեղծագործութիգններէն.- Ֆրանզ Քրուկըր, Ֆէրտինան Մարինուս, Թէօֆիլ Պէրնէ, Շեմիաքին, Գառզու, Եուրոզ, Վահրամ, Ցվեթայեւ, Ֆրանսուազ Միւլլեր, Էտիկ Բերդեան, Էրիք Էզընտամ , Մարսելլա Քազապուրի, Ալեք Քոչար, Սուրէն, Դաւիթ Դաւթեան եւլն:

“Chateau de Chatenay”-ի ցուցահանդէսը յաջողութեամբ պսակուելէ ետք, «Նոազ Արք»-ի տնօրէնութիւնը մեկնեցաւ Մոնաքօ, եւ մասնակցեցաւ “Art Monaco’14” միջազգային ցուցահանդէսին: Բացումը տեղի ունեցաւ իշխանական «Grimaldi Forum»-ին մէջ, որուն մասնակցեցան չորս հայ ցուցասրահներ:

Ա.- Հայրենի «Բարձր Արուեստ» ցուցասրահը երկրորդ անգամ ըլլալով բարձր կը պահէ հայ արուեստի վարկը միջազգային գետնի վրայ: Այս տարի, ան արժանացաւ “Prix d’Excellence – Baroque” մրցանակին յանձինս տաղանդաւոր գեղանկարիչ Վարուժան Վարդանեանի: Անոր «Խաչելութիւն» կտաւը դատական կազմին կողմէ ընտրուեցաւ տարուայ լաւագոյն ստեղծագործութիւնը իր ուժեղ եւ ցնցիչ արտայայտչականութեան համար: Պէտք է նշել որ այս տարի “Art Monaco’ 14”-ին ցուցադրուած էին աշխարհի չորս կողմէն բերուած չորս հազար ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին Էնտի Ուորհոլի, Րոյ Լիխդընշթայնի, Դիէրի Պլումի, Քետզիօրայի եւ կամ Լիզա Էտիչի նման յայտնի կերպարուեստագէտներ: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի “Hotel de Paris” պալատին մէջ, ներկայութեամբ Տիտիէ Տէշանի, դքսուհի Մարիա Կապրիէլ տը Սավուա, իշխանուհի Լէյտի Մոնիքա Պագգարտիի, Սիսիլիոյ իշխան Շարլ Պուրպոն, Եունեսքոյի պատուոյ դեսպան Պուրան Պուէրիի, եւ շուրջ երկու հարիւր արուեստասէրներու ներկայութեան: Հոս կարեւոր է նշել որ Վարուժան Վարդանեանի «Խաչելութիւն» մեծղի կտաւը նուիրուած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան: Հոն պատկերուած է մարդկային գանկերով ողողուած անծայրածիր անապատ մը, որուն վրայ պատկերուած է Հայոց Խաչեալ Քրիստոսը, որ ոչ միայն մահացած չէ, այլ կարծէք թէ կը պատրաստուի յարութիւն առնելու եւ համբառնալու...:

Երեւանի «Բարձր Արուեստ» ցուցասրահը Վարուժան Վարդանեանի կողքին ցուցադրած էր նաեւ հոյլ մը Հայ մեծագոյն արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս Արշիլ Կորքի, Այվազովսքի, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Մարտիրոս Սարեան, Եղիշէ Թաթեւոսեան, Վահրամ Գայֆէճեան, Փարաճանով եւ ուրիշներ:

Բ.- Հինգերրորդ անգամ ըլլալով «Նոազ Արք»-ը կը մասնակցի յիշեալ ամէնամեայ ցուցահանդէսին՝ միշտ ձեռք բերելով նորանոր նուաճումներ: Ան կը ներկայացնէր հինգ արուեստագէտներ՝ Ռուբէն Աբովեան, Ցւեթայեւ, Վահրամ Կուկ, Սուրէն և Դաւիթ Դաւթեան, որոնք բոլորն ալ ծանօթ են մեր ընթերցողներուն: Այս ցուցահանդէսը «Նոազ Արք»-ի համար եղաւ չափազանց բեղուն, յատկապէս բարոյական գետնի վրայ: Այս տարի «Նոազ Արք» ստացաւ բազմաթիւ հրաւէրներ սկսեալ Պազէլէն, մինչեւ Մայամի եւ Սինկափուր: Առ այժմս Մայիսի վերջաւորութեան համար արդէն իսկ «Նոազ Արք» ստորագրած է յատուկ պայմանագիր, իսկ յաջորդ տարեշրջանի միջազգային գործութունէութիւնը դեռեւս կը մնայ անորոշ, սակայն անկասկած շեշտը պիտի դրուի Եղեռնի հարիւր ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ցուցահանդէսներուն վրայ, ըլլայ Լիբանանի, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի տարածքներուն:

Գ.- «Էսքիս» Ցուցասրահը կը ներկայացնէր Մկրտիչ Մազմանեանէ տասնեակ մը քանդակներ, ձուլուած կերպընկալ եւ պրոնզ նիւթերէ: Կիսավերացական բնոյթի այս ստեղծագործութիւնները իրենց որակով եւ նորարարութեամբ մեծապէս գնահատուեցան արուեստասէր հասարակութեան կողմէ: Իսկ կարգ մը ցուցասրահներ արդէն իսկ հետաքրքրուած են այս տաղանդաւոր քանդակագործի արուեստով:

Դ.- «Արզումանեան» ցուցասրահը կը ցուցադրէր Այկազ Արզումանեանի վերացական-տեսողական գեղանկարչական (visual painting) բնոյթի ութը ստեղածագործութիւններ, որոնք իրենց տեսակին մէջ հետաքրքրական են եւ արտայայտիչ:

Հոս հարկաւոր է նշել որ այս ցուցահանդէսին կը մասնակցէր նաեւ միջազգային ճանաչման արժանացած հայ արուեստագէտ լուսանկարիչ մը՝ Միկ Լելման, գործակցաբար Գերմանական “Pashmin Art” ցուցասրահին հետ: Անոր ստեղծագործութիւնները ցարդ ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս Միւնիխ, Սան Փեթերսպուրկ, Նիւ Եորք, Պէյճինկ, Քիեւ, Լոնտոն, Փարիզ եւայլն:

“Global art” արուեստի պարբերականի հետ իր ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Միկ Լելման կ'ըսէ.- «Ծնած եմ Պարսկաստանի Ուրմիա քաղաքը հայ ընտանիքի մէջ: Ինծի համար կեանքը արուեստ է մանաւանդ այս օրերուն: Իսկ մարդկութեան մեծագոյն դրամագլուխը արուեստն է, եւ ոչ թէ դրամը» : Փոքր տարիքին գաղթած է Գերմանիա, սակայն ներկայիս կ'ապրի եւ կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ: Ան միաժամանակ ֆիլմարտադրիչ է, եւ կը ծրագրէ իր գործերը ցուցադրել նաեւ Երեւանի եւ Պէյրութի մէջ:

Հոս տեղին է գնահատանքով յիշատակել իր տեսակին մէջ իւրայատուկ անակնկալ մը: Կազմակերպութեամբ ՀՀ Սփիւռքի Նախարութեան Եւրոպայի բաժնի վարիչ Պրն. Հրաչյա Ասլանեանի, Մարսէյյէն յիսուն հոգիէ բաղկացած Հայկական պատուիրակութիւն մը ժամանեց Մոնաքօ յատուկ այցելելու համար Հայկական տաղաւարները: Անոնք գլխաւորոթեամբ Մարսէյյի փոխ-քաղաքապէտ Տիտիէ Բարակեանի, մէկ կողմէ ըմբոշնեցին Հայ կերպարուեստի տարբեր երեսները, եւ միւս կողմէ գնահատեցին եւ արժեւորեցին Հայ ցուցասրահներու տարած մշակութանուէր միջազգային աշխատանքները, թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով:

Այսպիսով, Հայ Կերպարուեստը կը շարունակէ տարածուիլ եւ գնահատուիլ միջազգային արուեստասէրներու կողմէ, միաժամանակ նպաստելով Հայկական Դատին եւ Հայաստանի ու Հայ Ժողովուրդի վարկին:

Թղթակից

Source: Aztag Daily


bottom of page